f

Անկախ

Ի՞նչ է Ներշնչումը եւ Ինչպէ՞ս կը «Գործէ»․ Մովսէս Ծիրանի 


Այնքան ալ դիւրին չէ պատասխանել այս հացադրումներուն: Նոյնի'սկ իրենք՝ արուեստագէտները, թէեւ կը ստեղծագործեն ներշնչման ազդեցութեան տակ, սակայն միշտ չէ որ  կը հաւատան անոր գոյութեան ու լրջօրէն կը փորձեն բացատրել ու մեկնաբանել զայն: Այս առումով երբ հարց կը տրուի Էդմոնդ Քիրազին, ան կը պատասխանէ.

--Ներշնչում չկայ: Երբ որ ուզեմ կը նկարեմ:

Երբ նոյն հարցը կը տրուի Ժանսեմին, ան ալ իր հերթին ամենայն պարզութեամբ կ’ըսէ.

-- Ինծի համար (ներշնչումը) կտաւ մը նկարելու փափաքն է, ցանկութիւնը:

Փաստօրէն Քիրազ չի հաւատար ներշնչման իսկ Ժանսեմ՝ կը կասկածի: Ի՞նչ կը վերաբերի ներշնչման հաւատացողներուն, անոնք շատ շատ են: Այս պարագային յիշենք միայն Վան Կոկը, որ իր վրձնակիցներուն կը թելադրէ.«Մի խեղդէք ձեր ներշնչումն ու երեւակայութիւնը: Գերին մի դառնաք ձեր բնորդներուն»:

Կը թուի թէ Քիրազի նմանները մշտական ներշնչման մէջ  կը գտնուին անգիտակցաբար, Ժանսեմի նմանները թէեւ կը կասկածին այնուամենայնիւ կը սպասեն երփնագրելու ցանկութեան՝ գիտակցաբար: իսկ Վան Կոկի նմանները ոչ միայն կը հաւատան, այլեւ կը յանձնուին ենթագիտակիցի մղումներուն՝ տարերայնօրէն: Թէ ինչպէ՞ս կը գործէ ներշնչումը ու ի՞նչ չափով կ'ազդէ ստեղծագործողին վրայ, այնքան ալ յստակ չէ, որովհետեւ նախ՝ ինքը վերացական հասկացողութիւն է եւ ապա անոր «միջամտութիւնը» թէ անուղղակի է, թէ յարաբերական եւ թէ ոգեղէն:

Գրեթէ բոլոր կերպարուեստագէտները կը պատկանին յիշեալ տեսակներէն մէկն ու մէկուն: Բացառութիւններ կան անշուշտ, որոնք սակայն առանձինն քննարկման ենթակայ են:

Երբ համաճարակը նոր աշխուժացած էր ու տագնապ ստեղծած ամենոուրեք, իմ ճանչցած արուեստագէտները, անոնց որոնց հետ կրցած էի  կապ հաստատել,  բաժնուած էին երկու խումբերու. ստեղծագործողներու եւ չստեղծագործողներու: Այսօր երբ նոյն արուեստագէտներուն, նոյն հարցը կու տամ, կը պարզուի, թէ անոնք որոնք կը կարծէին թէ պէտք չունին ներշնչման նոյն թափով կը շարունակեն ստեղծագործել, իսկ միւսներէն շատ շատեր, անոնք որոնք պէտքը կը զգային ներշնչման, կարծես թէ «ընտելացած» են արդէն համաճարակի հետ ու սկսած են ստեղծագործել, ոմանք՝ բեղուն, ուրիշներ՝ համեմատաբար նուազ: Ինչպէս. Գեղամ Թազեան, Էդիկ Բերդեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Ռոպերթ Էլիբեկեան, Արա Ազատ, Սուրէն Ոսկանեան, Դաւիթ Դաւթեան, եւայլն:

Փորձենք քանի մը տողով ներկայացնել զանոնք:

Գեղամ Թազեան:

Լեռնցիի պինդ խառնուածքի տէր այս կերպարարուեստագէտը, հակառակ անոր որ կ'ապրի ու կը ստեղծագործէ օտար ափերու վրայ՝ (Տիթրոյիթ,ԱՄՆ) եւ հակառակ անոր որ բազմաժանր, բազմաբովանդակ ու բազմաոճ քանդակագործ ու գեղանակարիչ մըն է Գ. Թազեան, անոր ինքնատպութիւնն ու գեղագիտական ուժգնութիւնը առաջին հերթին պայմանաւոուած են Հայ ազգային մշակութային աւանդներով ու ընդոծին հայկականութեամբ: Իսկ հակառակ անոր որ իր ստեղծագործական սնունդի գլխաւոր աղբիւրէն մէկը կը հանդիսանայ հայկական մանրանկարչութիւնը, անոր ներկապնակը զուսպ է, որովհետեւ իր մօտ գիծի ու լուսաստուերի զգացողութիւնն ու անոր ուժեղ դրսեւորումը, այնքան անմիչական են ու արտայայտիչ, որ իր արուեստին մէջ գոյնի բացակայութիւնը գրեթէ չի զգացուիր: Ան ոչ միայն ամերիկեան կերպարուեստի կարկառուն դէմքերէն կը համարուի ու մեծապէս կը գնահատուի իբրեւ մանկավարժ, այլ արժանացած է նաեւ շարք մը համապատասխապ մրցանակներու եւ շքանշաններու: Այնուամենայնիւ անոր արուեստը այնքան խորն է բազմաբնոյդ, որ տակաւին ոչ ուսումնասիրուած է ըստ արժանւոյն եւ ոչ ալ գնահատուած  համամարդկային լայն շրջագիծի վրայ:

--Էդիկ Բերդեան:

Հոգեմտաւոր տագնապներէն ու ֆիզիքական տանջանքներէն ջրդեղուած անոր վրձնահարուածները թաթաւուն են ամիջական, բուխ ու ողջմիտ կենսասիրութեամբ, որովհետեւ Խորհրդային շրջանին, իր ծնողներու հանդէպ կիրարկուած անմարդկային վերաբերումներն ու իր կրած հոգեմտաւոր տանջանքները, չարացնելու փոխարէն տոգորած են զինք մարդասիրութեամբ ու Սասունցի Դաւիթի ներողամտումեամբ ու  բարութեամբ: Ի զուր չէ որ ան կ'ըսէ.«Նոյնիսկ երբ ոճրագործներ կամ պոռնիկներ կը պատկերեմ, անոնց մէջ միշտ մարկայինը կը փնտռեմ»: Կայ աւելին, ան «մարդկայինը» կ'որոնէ ու կը դրսեւորէ, նոյնի'սկ երբ կենդանիներ կը պատկերէ: Այս ինքզինք հաստատած արուեստագէտը, հակառակ անոր որ արուեստի վարկ ունեցող բազմաթիւ ոստաններու մէջ ցուցադրուած, ջերմօրէն ընդունուած ու գնահատուած է եւ հակառակ անոր որ առողջական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, ոչ փառքի եւ ոչ ալ նիւթականի ետեւէն վազող մըն է, այլ հետամուտ է «յամարօրէն»  շարունակելու իր ստեղծագործական կեանքն ու անընդհատ բիրեղացնելու իր արուեստը:
 

Մհրտիչ Մազմանեան:

Ինչպէս որ դիմանկարը փորձաքարը կը համարուի գեղանկարիչին, այնպէս ալ դիմաքանդակը փորձաքարն ու միաժամանակ չափանիշը կրնայ ըլլալ քանդակագործին: Մազմանեան ոչ միայն դիմաքանդակի բացառիկ ու կայացած վարպետներէն է, այլ նաեւ (յատկապէս օտարներու կողմէ) գնահատուած ու փնտռուած է հաւասարապէս՝ թէ կոթողային արուեստի, թէ առանձին համադրումներու եւ թէ վերացարկուած բնոյթի գործերու պարագային ու արժանացած՝ շարք մը ազգային ու միջազգային նշանակութիւն ունեցող գնահատանքներու ու մրցանակներու: Ի նկատի ունենալով անոր արուեստի բիւրեղ արտայայտչականութիւնն ու ներազդեցիկ բնոյթը, այս բոլորը պատահական չեն կրնար ըլլալ: Անոր արուեստը կը սկսի իրապաշտութենէն, ու խուսանաւելէ ետք արտայայտչապաչտ ու գերիրապաշտ տարածքներու վրայ, կը հասնի մինչեւ վերացական ու անհեթեթ ոլորտներ, ուր ոչ միայն ի յայտ կու գան ծեփակերտելու անոր ուրոյն հմտութիւնն ու բարձր մակարդակը, այլ նաեւ լուսաստուերային արուեստի անդաստանէն ներս նոր երակ մը բանալու յոյսը կը ներշնչեն մեզի:
 

Ռոպերթ Էլիբեկեան:

Ըլլայ ձեւոյթային, գունային թէ բովանդակային առումներով, այս  արուեստագէտի գործերը գեղագիտական վեսեմութիւն ու գեղարուեստական ազնուակնութիւն կը բուրեն: Ան շնորհիւ իր վրձնահարուածներու կենսունակութեան, հաղորդական շունչին եւ ուժեղ անհատականութեան, ոչ միայն կը շարունակէ ու քայլ մը առաջ կը տանի Եագուլովի եւ Բաժբէուք Մելիքեանի «թատերական գեղարուեստական նկարչական» աւանդները, այլեւ իր կարգին ստեղծած է այնպիսի ուրոյն, տոկուն ու վայելչագեղ արտայայտչականութեամբ թաթաւուն արուեստ մը, որմէ ներշնչուած կը թուին երիտասարդ ու օժտուած շարք մը  գեղանկարիչներ: Երաժշտական բիւրեղացման ձգտող անոր գունազգացողութիւնը քիչերու միայն վերապահուած կրնայ ըլլալ: Ահաւասիկ թէ ինչո'ւ  Ռոպերթ Էլիբեկեանի գործերը, արդէն իսկ կը գնահատուին  Հայասատանէն դուրս՝ միջազգային տարածքներու վրայ, սկսեալ Մոսկուայէն ու Թոքիոյէն մինչեւ Գանատաներն ու Ամերիկաները:
 

Արա Ազատ:

Ըլլայ ստեղծագործական գետնի վրայ, թէ կեանքին մէջ, արտակեդրոն ու յախուռն խառնուածքի ու խիստ մարդասիրական սգզբունքներու տէր այս յանձնառու արուեստագէտը, յաճախ արձագանգած է ու կը շարունակէ արձագանգել մարդկային յոռի երեւոյթներու, ազգային ու համամարդկային անարդարութիւններուն ինչպէս նաեւ բնական աղէտներուն: Ան միաժամանակ մտայղացքային արուեստի (Conseptual Art) իւրայատուկ դէմք մըն է ու համամարդկային բովանդակութիւն ու տարողութիւն ունեցող իր իրագործած զետեղումներն (Installation) ու պատահարները (Happening) գրաւականն են իր տաղանդին: Արա Ազատ Վերացականութեան հակամէտ ուրոյն արտայայտչապաշտ մըն է,  «կատաղի» յանձնառու ստեղծագործող մը, որուն արուեստը խորութեամբ ըմբռնելու ու լաւապէս կարենալ ըմբոշխնելու համար, արուեստասէրի որոշ «կեդրոնացում» կ'ենթադրէ:
   

Սուրէն Ոսկանեան:

Իբրեւ կեանքի ու բնութեան ոգեղէն մարմնաւորում,Կիները, իրենց մերկութեամբ ու էութենական վաւաշոտ դրսեւորումներով, ներշնչման աղբիւրն ու առանցքը կը կազմէն Սուրէն Ոսկանեանի ստեղծագործական գործընթացին: Կիները պաշտպանող ու անոնց մերկ գեղեցկութիւնը մեծարող այս արուեստագէտը իգապաշտ մը չէ սակայն: Անոր բնորդուհիները իր կողակիցն ու անմիջական շրջապատի էգեր են: Մեծամասամբ մերկուհիներ ըլլալով հանդերձ, անոնք կիրթ են, բարի, վեհանձն ու մայրանալու ընդունակ իգական սեռի նեկայացուցիչներ: Անոնք կ'ապրին ու կը գործեն առօրեայ կենցաղէն դուրս՝ անդրաշխարհային ու «անհեթեթ» ոլորտներու վրայ, ուր  արուեստագէտը «կ'ապաստանի» կարծէք, իր սեփական գեղուհիներու մտերմութեան մէջ: Հեքիաթային միջավայրի հետ ընդելուզուած Ոսկանեանի իրապաշտական հակումներով իրագործուած կերպարային «ձեւազեղծումները» թէեւ մասնակի են, այնուամենայնիւ սակայն անոնք ոչ միայն գեղեցիկ են գրաւիչ ու գեղագիտականօրէն «պատճառաբանուած», այլեւ կը պայմանաւորեն նաեւ անոր միջազգաին հարթակներու վրայ ցուցադրուած ու փնտռուած ըլլալու իրողութիւնը:
   

Դաւիթ Դաւթեան:

Ստեղծագործական բուռն աւիւնով տոգորուած այս գեղանկարիչը հայելին ու արձագանգն է, ինչպէս իր միջավայրին, անպէս ալ ժամանակին ու տարածութեան, ուր տարերայնօրէն կը թաւալի կեանքը եւ որու ընթացքին կը տագնապի մերօրեայ մարդը: Սկսեալ խորհրդային կարգերու «անտրամաբանական» փլուզումէն ու յայտնի «անհեթեթ» երկրաշարժէն մինչեւ մեր ժամանակի ապահովական, տնտեսական ու ընկերային մտահոգիչ անցուդարձերն ու համաճարակը, ստեղծած են կեանքի անտրամաբանական ու գերիրապաշտ իրավիճակներ, որոնք ենթագիտակցաբար ու բնազդաբար կը դրսեւորուին Դաւիթ Դաւթեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գաղափարական լիցքով տոգորուած ու կատարողական բարձր մակարդակով երփնագրուած այս արուեստագէտի գործերը, վեջին տարիներուն սկսած են ցուցադրուիլ ու գնահատուիլ աշխարհի ամենայայտնի արուեստի կեդրոն քաղաքներու մէջ, սկսեալ Մոնաքոյէն ու Փարիզէն, անցնելով Նիւ Եորքէն ու Մայամիէն հասնելով մինչեւ Պուէյնոս Այրես, Սինկափուր ու Մելպուրն:   

Յիշուած արուեաստագէտներէն իւրաքանչիւրին առանձին-առանձին եթէ հարց տրուի թէ «Ի՞նչ է ներշնչումը» եւ կամ ի՞նչ դեր կը կատարէ իրենց ատեղծագործական կեանքին մէջ, նախ շատ հաւանական է որ տարբեր պատասխաններ ստանանք եւ գուցէ նաեւ անոնցմէ ոեւէ մէկը չկրնայ սպառիչ ու ամբողջական կերպով բնութագրել ու բացատրել զայն, որովհետեւ ներշնչումը կը պատկանի այն հասկացողութիւներու շարքին, որոնք նախ ենթակայական բովանդակութիւն ունին եւ ապա  ընկալելու կամ լաւապէս ըմբռնելու համար հակաւոր է մտնել ոգեղէն ու ենթագիտակից ոլորտներէ ներս ու ապրիլ զանոնք իրողապէս:

Եւ այսպէս, կամ արուեստագէտը մշտական նրշնչման մէջ պէտք է որ ըլլայ, թէկուզ առանց գիտակցելու: Եւ կամ ալ պիտի սպասէ ներշնչման, այսինքն, թէկուզ առանց կարենալ ըմբռնելու կամ բացատրելու այդ «արտասովոր» վիճակը: Նկատուած է, որ առաջինները առաւելաբար ուժ կու տան աշխատանքին ու արհեստագիտութեան, իսկ երկրորդները՝ ստեղծագործական պահուն ու ինքնախորացման:

Այսքանով անշուշտ հարցին պատասխանած ըլլալու յաւակնութիւն չենք կրնար ունենալ: Հարկաւոր է զայն քննարկել պատմութեան ընթացքին ու համամարդկային գետնի վրայ:

 Բոլոր պարագաներուն, սխալ չհասկցուելու համար, անմիջապէս աւելցնենք որ իրենց խառնուածքային տարբերութեամբ ստեղծագործողներէն մէկը միւսի վրայ առաւելութիւն չունի: Ի վերջոյ ստեղծագործութեան մակարդակն ու որակն է որոշիչը: (Հոս միջանկեալ հակաւոր է նշել նաեւ որ «հոգեկան հարցեր դիմագրաւող» արուեստագէտները, որոնց քանակը այնքան ալ արհամարհելի չէ, բացառութիւն կը կազմեն եւ արժանի են առանձինն քննարկման, վելուծման, մեկնաբանման ու ապա միայն՝ գնահատման:)  

Համաճարակը վերջին օրերուն նահանջի մէջ կը թուի ըլլալ: Կը խօսուի ամէն տեսակ վնասներու, յատկապէս տնտեսականի մասին, սակայն  մշակութային աւերներու յետագայ ժխտական հետեւանքներուն ակնարկութիւն գրեթէ չկայ: Մեզի ծանօթ միակ երկիրը որ լրջօրէն մտահոգ է մշակութային կորուստներով Գանատան է, որ յայտարարած է թէ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ տուժած արուստագէտներուն ու արուեստի հիմնարկներուն: Յուսանք Գանատայի այս որոշումը համաճարակի նման վարակիչ կը դառնայ ու ի վերջոյ այլ պետութիւններ եւս, (որոնց շարքին նաեւ  Հայաստանն ու Լիբանանը) կը հետեւին Գանատայի այս կառուցողական քայլին...:    

                                                                                             

Մովսէս Ծիրանի 

Մովսես Հերկելյան Մովսես Ծիրանի մշակույթ գեղանկարչություն

Մենք անպայմանորեն ուղղելու ենք մեջքներս և կառուցելու ենք ուժեղ Հայաստան, մեզ անհրաժեշտ է ներքին հաշտություն ու համախմբում. Գագիկ Ծառուկյան
Հեռախոսազրույցի ընթացքում հորս ասածներից մենք ավելի շատ ենք անհանգստացել․ Ռուբեն Վարդանյանի որդու՝ Դավիթ Վարդանյանի հարցազրույցը CNN-ին
ՀՀ տարածքում կան փակ ավտոճանապարհներ, Գետափնյա գյուղի մոտակա կամրջով երթևեկությունը դեռևս փակ է
ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղարը հայտարարել է, որ կազմակերպությունը պահպանում է Հայաստանի նկատմամբ բոլոր պարտավորությունները
Քաղաքացին նախկին ճոպանուղու շենքի 2-րդ հարկից ընկել է զրոյական հարկ
Հրդեհ Սիլիկյան թաղամասում
«Ժողովուրդ». Մարիա Կարապետյանին «հուշումներով» հանձնաժողովի բոլոր ՔՊ-ական անդամները դեմ քվեարկեցին ընդդիմության նախագծին
Երեւանի Աշխատանքի հրապարակում ավտոմեքենան բախվել է գազատար խողովակին
Կիրանցում ճանապարհը շարունակում է փակ մնալ. Մարդիկ գիշերել են այնտեղ
Եթե Հայաստանը որոշի դուրս գալ ՀԱՊԿ-ից, դա կլինի նրա ինքնիշխան իրավունքը. այլ հարց է՝ ինչպես է ՀՀ-ի ներկայիս ղեկավարությունը գնահատում երկրի առջև ծառացած սպառնալիքները. Թասմաղամբետով
Սուրեն Պետրոսյանին Նոյեմբերյանից տեղափոխել են Երևան. «Տավուշը հանուն հայրենիքի»
«Մաքուր երկաթի գործարան»-ը ճգնաժամային վիճակում է․ Զանգեզուրի կոմբինատը դադարեցրել է մոլիբդենի մատակարարումը․ Hetq.am
Զորյան ինստիտուտի հայտարարությունը Հայոց ցեղասպանության տարելիցի կապակցությամբ եւ պատասխանը ՀՀ կառավարության դիրքորոշմանը
Ցեղասպանության հարցը սակարկման ենթակա չէ, ո՛չ միջազգային հարթակներում, ո՛չ էլ առավել ևս ՀՀ-ի ներսում. Սերժ Սարգսյան
Այսօր մենք պետք է ավելին անենք, քան անցյալի  ջարդերը սգալը: Ժամանակն է քայլեր ձեռնարկել՝ կանխելու ապագայի ջարդերը. Նուբար Աֆեյան
Ի՞նչ է անելու Փաշինյանը հաջորդ անգամ՝ քանդելո՞ւ է Հայոց ցեղասպանության թանգարանը
«Հրապարակ». Որոշ ՔՊ-ականներ Փաշինյանին առաջարկել են Տիգրանաշենը փոխանակել Արծվաշենի հետ, Փաշինյանը մի իսկական թատրոն է սարքել
«Հրապարակ». Փաշինյանը «կընդառաջի՞» Էրդողանի առաջարկին
«Ժողովուրդ». 36 կգ ոսկու գործով քննչական խմբի ղեկավարին նոր պաշտոն են տվել
«Ժողովուրդ». Պարզվում է՝ Հրանուշ Հակոբյանի «Արի տուն» ծրագրի անհաջող կրկնօրինակն է փորձ արվում գործի դնել
«Ժողովուրդ». Տարբեր զեկույցներում Մամիկոն Ասլանյանի դեպքը հիշատակվում է որպես քաղաքական բանտարկություն
Գարեգին Երկրորդ. Մեր ժողովուրդը պիտի հեռացնի իր կյանքից ազգային շահերին հակառակ կործանարար դրսևորումները
Աբովյան-Նոր Հաճն ճանապարհին. «Nissan»-ը բախվել է արգելապատնեշին, կոտրել այն և կողաշրջված հայտնվել ձորում. կա վիրավոր
Նորատուսի գերեզմանատանը պայթյուն-փլուզում է տեղի ունեցել․ պայթյունի վայրից 80 մետրի հեռու հայտնաբերվել է տղամարդու դի
Աշխարհասփյուռ հայությունը հիշատակում է Հայոց ցեղասպանության 109-րդ տարելիցը
Ավելին
Ավելին