Կը շնորհաւորեմ Սագօ Արեանն ու Քլոտ Միւթաֆեանը, որոնք առանց բառերը ծամծմելու իրականութիւնը ըսին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ձախողած ու անարդարօրէն պատրաիրքութեան գահին ԲԱԶՄԱԾ պատրիրաքին, իր գլխաւոր գործակցին եւ կարգ մը հլու-հնազանդ դարձած հոգեւորսականներու մասին։ Ես միաբանութեան մէջ պաշտօնավարած եմ 2014-2017 եւ բաւական լաւ գիտեմ ներքին ծալքերն ու շարժառիթները։ Մէկ բան լաւ գիտեմ, որ Իսրայէլեան հեղինակութիւններու նպատակն է եբրայականացնել հին քաղաքը եւ զբօսաշրջիկութեան միայն ծառայող պզտիկ համայնքներու վերածել ոչ-հրեա համայնքները, յատկապէս քրիստոնեաները։ Այստեղէն ալ կը սկսի գայթակղութիւնը։ Մեծ խօսք ունի Միաբանութեան ԱՌՈՂՋ հոգեւորականութիւնն, միւս կողմէ ժողովրդային ընդվզումը եւ ընդդիմութիւնը պէտք չէ կանգ առնեն։
Երուսաղէմի հարցով հետեւեալ գրառումները ղրկեցի բարեկամներուս։ Կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան։
«Ամբողջութեամբ համաձայն եմ Միւթաֆեանի մեկնաբանութիւններուն՝ յատկապէս Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հարցով, թէեւ ես պիտի չուզէի կարգ մը ածականներով որակել Միաբանութեան հոգեւորականները...Անտեղի է, որովհետեւ անոնց մէջ ԿԱ՛Ն նաեւ ազնիւ մարդիկ։
2014-2017 պաշտօնավարած եմ որպէս «ՍԻՈՆ» ամսագրի խմբագիր, Արեւմտահայերէնի դասախօս թէ՛ Հոգեւոր ճեմարանէն եւ թէ՛ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն ներս, եղած եմ նաեւ Պատրիարքի խորհրդականներէն մէկը։ Ծանօթ եմ գրեթէ բոլոր ՆԵՐՔԻՆ ծալքերուն։
Իմ եւ Պատրիարքի սիրալիր յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով փոխուեցան, երբ հարց բարձրացաւ այժմու (տակաւին չիրականացած) թանգարանին շուրջ։ Ըստ ինծի հասած տեղեկութիւններու, հրէուհի մը աշխատանք կը թափէր դառնալու թանգարանի տնօրէնուհին։ Թէ՛ ինծի եւ թէ՛ ուրիշներու համար սա ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ էր։ Պատրիարքին կողմէ ըսուեցաւ թէ այդպիսի բան չկայ եւ այդ բոլորը իրեն «նախանձողներուն» ու հակառակորդներուն տարածած ապատեղեկատւութիւններ են։ ՀՀ-էն նոյնպէս մտահոգութիւններ յայտնուեցան ինծի նախարարական եւ կարեւոր քանի մը հաստատութիւններէ։
Ի վերջոյ մեր վէճը հասաւ այնպիսի հանգրուանի մը, ուր այլեւս իմ մնալս աւելորդ նկատելով ցաւով ու ափսոսանքով վերադարձայ ԱՄՆ։
Չզարմացայ որ «Կովերու պարտէզի» գայթակղութիւնը «յանկարծ» հրապարակ իջաւ։ Ամէն բան կը սպասէի քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներէ, որոնք պարզապէս միջակութիւններ են եւ զանազան հանգամանքներու բերումով հագած են հոգեւորականի սքեմ։
Ես միշտ ալ բարձր համարում ունեցած եմ Հայաստանեայց եւ այլ եկեղեցիներու շատ մը հոգեւորականներու հանդէպ տակաւին մանկութենէս եւ աշակերտական տարիներէս, բայց իմ տեսածներէս ոմանք, ինչպէս Երուսաղէմի մէջ, չէին եւ չեն համապատասխաներ իմ չափանիշներուն եւ ակնկալութիւններուն։ Հիմա նոյնպէս Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն ներս կան հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած հայ սպասաւորներ, որոնց հանդէպ մեծ յարգանք կը տածեմ, բայց անոնց ձայնը «կտրած են»։